2008-11-04 10:54:41

Վատիկանեան տեղեկութիւններ` 4-6 Նոյեմբեր 2008, Վատիկանի մէջ տեղի կ`ունենայ առաջին կաթողիկէ-իսլամ խորհրդաժողովը։


Երեքշաբթի 4 նոյեմբերէն մինչեւ 6-ը վատիկանի մէջ տեղի կ`ունենայ առաջին կաթողիկէ-իսլամ խորհրդաժողովը, կազմակերպուած՝ միջկրօնական երկխօսութեան քահայանապետական խորհուրդէն եւ մահմետական պատասխանատուներէն, յետ Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետի 13 հոկտեմբեր 2007ին բաց նամակին, ուղղուած 138 իսլամ անձնաւորութիւններուն եւ ի պատասխան նամակին, 19 նոյեմբեր 2007ին։ Խորհրդաժողովին նիւթն է. Աստուծոյ Սէրը, մերձաւորին սէրը։ Հանդիպումին առաջին օրը, մասնակցողներու խորհրդածութիւնները կը կեդրոնանան աստուածաբանական ու հոգեւոր նիւթերու վրայ, յաջորդ օրը ժողովականները պիտի խօսին մարդկային արժանաւորութեան ու փոխադարձ յարգանքի մասին։ Նոյեմբեր 6-ին կաթողիկէ իսլամ ժողովին մասնակցողները պիտի ընդունուին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն եւ ապա Հռոմի Գրիգորեան համալսարանի մէջ եզրափակիչ նիստ մը տեղի պիտի ունենայ այս վերջինը հրապարակային պիտի ըլլայ։ Նիստին աւարտին միացեալ յայտարարութիւն մը պիտի կարդացուի ու թէ կաթողիկէ ներկայացուցիչ մը եւ թէ իսլամ ներկայացուցիչ մը պիտի պատասխանեն խորհրդաժողովին հայող հարցումներուն։ նշենք թէ Դռնփակ Հանդիպումին կը մասնակցին կաթողիկէ 29 կրօնաւորներ ու մասնագէտներ եւ նոյնքան մահմետականներ։

Վատիկան։ 4էն-6 Նոյեմբեր Կաթողիկէ-Մահմէտական առաջին հանդիպումը։



Միջ-Կրօնական Երկխօսութեան քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ Կարտինալ ժան Լուրի Թոռան,այս հանդիպումի մասին ֆրանսական Լա Գրուա պարբերաթերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ կ՝ըսէ որ ՝՝ Փոխադարց յարգանքի սկզբունքը, նախապատրաստական չէ երկխօսութեան,չի համապատասխանէր Do ut des (կուտամ՝որ տաս) տրամաբանութեան։ Կաթողիկէ-Իսլամ առաջին համաժողովի համար(որ վատիկանի մէջ կը կայանայ 4էն-6 Նոյեմբեր) Կարտինալ Թոռան յոյս կը յայտնէ թէ Կրօնական ազատութեան հարցը կարելի կ՝ըլլայ դիմագրաւել։ Պէտք է նայիլ թէ ժողովի մասնակիցները ինչպէս պիտի ուզեն դիմագրաւել։ Հարցը(կը բացատրէ Կարտինալը) կը հայի փոխադարձութեան,ըստ որու ՝՝այն ինչ որ լաւ է ինծի համար,լաւ է նաեւ քեզի ՝՝. այլ խօսքով եթէ մահմէտական մը ունի կարելիութիւնը պաշտամունքի վայր մը ունենալու Եւրոպայի մէջ,բնական է որ նոյնպէս հակառակը ըլլայ՝մեծամասնութեամբ իսլամ ընկերութեանց մէջ. բայց ուշադրութիւն(կ՝աւելցնէ Կարտինալ Թոռան) այս ամէնը չի համապատասխանէր տրամաբանութեան ՝՝Do ut des՝՝(կուտամ՝որ տաս)։ Ուստի ոչ անմիջապէս,այլ կամաց կամաց կարելի պիտի ըլլայ փոխել վարուելակերպերը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.